Շուէտացի անուանի մարզիչ Սվեն-Կորան Էրիքսըն, չորս տարուան դադարէ մը ետք վերադարձաւ մարզչական գործունէութեան` ստանձնելով Քարլսթատ ֆութպոլի ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Այս ակումբը հանդէս կու գայ Շուէտի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը վարելէ բացի, եղած է նաեւ Ա. Էս. Ռոմայի, Ֆիորենթինայի, Սամտորիայի, Լացիօ Ռոմայի մարզիչ, ինչպէս նաեւ` Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբին մարզիչը:


