Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Լուիս տը լա Ֆուենթէ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Լուիս Էնրիքէին, որ ներկայացուց իր հրաժարականը: Ան մարզիչ նշանակուած էր 2019-ին:
Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, 61 տարեկան մասնագէտը Սպանիոյ ֆութպոլի երիտասարդական խումբին (21 տարեկանէն վար) մարզիչն էր:
Անոր հետ Սպանիոյ ողիմպիականի կազմը հանդիսացաւ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր:
Այժմ տը լա Ֆուենթէ պիտի փորձէ լաւ կազմ մը յառաջացնել` պատրաստուելու համար «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Նշենք, որ Էնրիքէի գլխաւորութեամբ Սպանիա չյաջողեցաւ ապահովել Քաթար-2022-ի Մոնտիալին քառորդ աւարտականի իր տոմսը` փենալթիներով պարտուելէ ետք Մարոքէն:


