Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Աթլասի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են անվճար փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին Պուրճ Համուտէն, Ֆանարէն եւ Ռաուտայէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:
Ասկէ բացի, ՀՄԸՄ-ի բոլոր համակիրներուն համար մարզադաշտ մուտքը պիտի ըլլայ… անվճար:
Համակիրներէն կը սպասուի ամէն գնով ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, այս կարեւոր մրցումին:
Մարզադաշտին մէջ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն կը սպասէ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս տիրական ներկայութիւն մը պիտի ըլլայ հոն:
Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով` միասնաբար կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ յաղթանակի:
Նշենք, որ վաղը` կիրակի, կ՛աւարտի 9-րդ հանգրուանը, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ, Պէյրութ, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին գագաթի ճակատումին կը հիւրընկալէ Սաժես Պէյրութը:
Գագաթի ճակատում, որովհետեւ երկու կազմերն ալ ցարդ անպարտելի են եւ իրենց կատարած բոլոր ութ մրցումներուն արձանագրած են նոյնքան յաղթանակ:


