Արարատ ֆութպոլի ակումբը գուժեց մահը 18 տարեկան Վահէ Նազարեանին, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար սեպտեմբերեան մարտերուն ընթացքին նահատակուեցաւ:
Ան 2015-էն մինչեւ 2022 հանդէս եկած է Արարատի տարիքային տարբեր կազմերուն հետ:
Հայրենի ակումբը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց Վահէ Նազարեանի հարազատներուն եւ ընկերներուն:


