Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի Բ. հանգրուանի մրցումներէն ետք եւ նախքան քառորդ աւարտականի մրցումներուն սկսիլը, ի վերջոյ ֆութպոլիստ մը յաջողեցաւ դառնալ հեթրիքի հեղինակ:
Պենֆիքայի 21 տարեկան յառաջապահ Կոնզալօ Ռամոս դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Զուիցերիոյ դէմ կատարուած մրցումին, եւ անոր կազմը` Փորթուգալ, հանդիսացաւ ութերորդ եւ վերջին խումբը, որ հասաւ քառորդ աւարտականին:
Անոր կազմը քառորդ աւարտականի մրցումներուն իր դէմ պիտի ունենայ Մարոքը, որ մրցաշարքէն դուրս ձգած էր Սպանիան:


