Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար. Խրուաթիա Աշխարհի Ախոյեանութենէն Դուրս Ձգեց Պրազիլը` Փենալթիներով Արձանագրելով 4-2 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

December 10, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի հնգակի ախոյեան Պրազիլ եւ նախորդ Մոնտիալին փոխախոյեան հանդիսացած Խրուաթիա:

Այս մրցումը տեղի ունեցաւ «Էճիւքէյշըն Սիթի Սթատիում» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ շուրջ 44 հազար հանդիսատեսներու:

Մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն էր անգլիացի Մայքըլ Օլիվըր:

Երկու կազմերը մրցումին 90 վայրկեաններուն թէեւ փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն անոնց փորձերը անցան ի զուր, մրցումին երկու կիսախաղերը եղան կոլազուրկ, եւ դիմուեցաւ երկարաձգման:

Երկու խումբերուն մարզիչներն ալ այս մրցումին կիրարկեցին 4-3-3 խաղաոճ մը:

Նախքան երկարաձգման Ա. կիսախաղի դադարը, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող Նէյմար սքանչելի կոլով մը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը (105+1-րդ):

Ան այսպիսով նշանակեց իր 8-րդ կոլը` մոնտիալներու ընթացքին:

Երկարաձգման Բ. կիսախաղին, Խրուաթիա յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել, շնորհիւ Պրունօ Փեթքովիչի նշանակած կոլին (117-րդ):

Նշանակուած երկու կոլերուն արդիւնքին լոյսին տակ, մրցումին յաղթականը չվճռուեցաւ եւ դիմուեցաւ անխուսափելիին… փենալթիներու:

Արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով Խրուաթիա աշխարհի ախոյեանութենէն դուրս ձգեց Պրազիլը (Ռոտրիկօ եւ Մարքինիոս չյաջողեցան կոլ նշանակել):

Քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Փորթուգալ կը մրցի Մարոքի դէմ, իսկ ժամը 21:00-ին, աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա, Անգլիոյ դէմ:

Նախորդը

Ճատրակ. Մարիամ Մկրտչեան Տիրացաւ Խանթի-Մանսիյսքի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռապիթաթ Ուարտանիէ

RelatedPosts

Նշմար.  Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ
Մարզական

Նշմար. Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ

November 6, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը

November 6, 2026
Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.