Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Հանս-Տիեթըր Ֆլիք շատ հաւանաբար հեռանայ իր վարած պաշտօնէն, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Ազգային հաւաքականի թեքնիք տնօրէն Օլիվըր Պիրհոֆի ներկայացուցած հրաժարականէն ետք, Ֆլիք յայտնեց, որ առանց Պիրհոֆի իր աշխատանքը պիտի դժուարանայ խումբին հետ:
Այս իրողութենէն մեկնելով, ան եւս կը մտադրէ ներկայացնել իր հրաժարականը, մանաւանդ որ 2022-ի Մոնտիալին Գերմանիա բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելով չկրցաւ շրջանցել Ա. հանգրուանին արգելքը եւ միայն երրորդ եւ վերջին մրցումին է, որ արձանագրեց իր միակ յաղթանակը` Քոսթա Ռիքայի դէմ:


