«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, առանց վիրաբուժութեան ենթարկուելու, պիտի կարենայ ապաքինիլ իր ձախ ուսի վնասուածքէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
34 տարեկան ամերիկացին վնասուածք ստացաւ Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ բախում ունեցաւ Ճէյլըն Սմիթի հետ:
Անոր վերականգնման համար պիտի պահանջուի քանի մը շաբաթ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ընթացիկ տարեշրջանին, Քարի ցարդ կատարեց 26 մրցում, միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակելով 38 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ: