Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող փարափաուըրլիֆթինկի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Հայաստանը ներկայացուց գիւմրեցի ծանրաբարձ Կրեթա Վարդանեան, որ իրեն մարզիչ ունէր Արտակ Ներսիսեանը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Վարդանեան, որ հանդէս եկաւ 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, արձանագրելով 85 քկ, 90 քկ եւ 93 քկ արդիւնք մը (երեք փորձերու ընթացքին), տիրացաւ ոսկի մետալին, ընդհանուր հաշուարկով:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 40 երկիրներէ 243 մարզիկներ:


