Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է ծախելու աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած իր ֆրանսացի ֆութպոլիստը` Քիլիան Էմպափէն, եթէ անշուշտ 23 տարեկան յառաջապահը խումբէն հեռանալու փափաք ունի:
Սակայն փարիզեան ակումբը պիտի բանակցի միայն 300 միլիոն եւրոյով սկսող առաջարկներու հետ:
Ներկայիս այդպիսի գաղափարի համամիտ կը թուի ըլլալ միայն Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին:
Նշենք, որ Քաթար-2022-ի Մոնտիալին Էմպափէ 7 մրցումի ընթացքին 8 կոլ նշանակելով հանդիսացաւ մրցաշարքին լաւագոյն ռմբաձիգը: