Նախորդ շաբաթավերջին Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան, տղոց 109 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ պրոնզ մետալը, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 461 քկ արդիւնք մը:
Հայաստանի հաւաքականին հետ ողիմպիականի փոխախոյեան հանդիսացած Գոռ Մինասեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Պահրէյնի հաւաքականը, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 462 քկ արդիւնք մը, հռչակուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ (466 քկ):
12 ծանրաբարձով այս ախոյեանութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը նախորդ 14 դեկտեմբերին, տիրացած էր իր առաջին պրոնզ մետալին, շնորհիւ Եւրոպայի ախոյեան Սամուէլ Գասպարեանի (102 քկ), որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրած էր 389 քկ արդիւնք մը: