Իր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքէն, սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարոքի մէջ, 1-11 փետրուար 2023-ին:
Ընդհանրապէս դեկտեմբերին տեղի ունեցող այս ախոյեանութիւնը այս տարի յետաձգուեցաւ Մոնտիալին պատճառով:
Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ եւ Հարաւային Ամերիկայի Լիպերթատորեսի բաժակի ախոյեան պրազիլական Ֆլամենկօ մրցաշարքին պիտի սկսին կիսաւարտական հանգրուանէն:
Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկան պիտի ներկայացնէ ամերիկեան Սիեթըլ Սաունտերսը, Ափրիկէն` մարոքեան Ուիտատ Քազապլանքան, իսկ Ովկիանիան` նոր-զելանտական Օքլենտ Սիթին:
Ասիոյ ներկայացուցիչին անունը ցարդ յայտնի չէ: