Լեռնալիբանանի նահանգի, Դ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ե. խմբակի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռիատի Արամունի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ, որ մրցում մը նուազ կատարած է, ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, մինչ մրցակից կազմը իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է եւ այժմ 9 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլիստներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել` մրցակիցէն խլելու համար առաւելագոյն երեք կէտը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլասէր համակիրներուն համար տրամադրուած են ձրի փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 13:00-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուին Պհամտունի մարզադաշտ: