Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Պատմական Աւարտ. Արժանթին Աշխարհի Ախոյեան

Դեկտեմբեր 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանթին Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Փենալթիներով`
4-2 Արդիւնքով Յաղթելով Աշխարհի Գործող Ախոյեան Ֆրանսային

Երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, վարագոյրը իջաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալին, երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հաւաքականներուն միջեւ:

Երկու կազմերն ալ նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էին երկուքական անգամ, հետեւաբար անոնցմէ մէկը իր մարզաշապիկին վրայ պիտի աւելցնէր աստղ մը եւս:

Այդ աստղը աւելցնողը հանդիսացաւ Արժանթին, որ փենալթիներով` 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի:

Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով, որմէ ետք դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներու հարուածներուն:

Աշխարհի ախոյեանութիւնը պարտութեամբ սկսած Արժանթինի հաւաքականը անկարելին կարելի ընելով հասաւ աւարտականին եւ 36 տարի ետք դարձեալ բարձրացուց Մոնտիալի տիտղոսը:

Անիկա նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 1978-ին եւ 1986-ին:

Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած, սակայն միայն աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին չտիրացած Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, բաւական երկար սպասումէ ետք, ի վերջոյ այս տիտղոսին ալ յաջողեցաւ տիրանալ:

88 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան կատարուած այս մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, իսկ անոր 120 վայրկեանները` 3-3 արդիւնքով:

Ֆրանսայէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Քիլիան Էմպափէ (80-րդ` փենալթիով, 81-րդ եւ 118-րդ` փենալթիով): Իսկ Արժանթինի կոլերը նշանակեցին Լիոնել Մեսսի (23-րդ` փենալթիով եւ 108-րդ) եւ Անխել տի Մարիա (36-րդ):

Ինչ կը վերաբերի փենալթիներու հարուածներուն, Արժանթինի ֆութպոլիստները նշանակեցին չորս կոլ, իսկ ֆրանսացիները` երկու կոլ, եւ մրցումը աւարտեցաւ հարաւային ամերիկեան կազմին յաղթանակով` 4-2 արդիւնքով:

Նշենք, որ Էմպափէ նշանակեց այս մրցումին իր չորրորդ կոլն ալ, իսկ Մեսսի` իր երրորդը:

ՖԻՖԱ-ին կողմէ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Լիոնել Մեսսի:

Արժանթինցիները Միլիոններով Ողողեցին
Պուենոս Այրեսի Փողոցները` Տօնախմբելու Համար

Երէկ, Մոնտիալի աւարտականի պատմական օրը, պատմական եւ յիշատակելի էր նաեւ ամբողջ արժանթինցի ժողովուրդին համար: Ամբողջ օրը արժանթինցիք միլիոններով ողողած էին մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի փողոցները` հետեւելու համար իրենց ազգային խումբի եւ անոր օրուան հերոսին` Լիոնել Մեսսիի իրագործումին:

Խրուաթիա` Պրոնզէ Մետալակիր

Այլ գետնի վրայ, երրորդ դիրքի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, Խրուաթիա 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մարոքին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ժոսքօ Կուարտիոլ (7-րդ) եւ Միսլաւ Օրսիչ (42-րդ), իսկ Մարոքի կոլը` Աշրաֆ Տարի (9-րդ):

Զլաթքօ Տալիչի գլխաւորած կազմը` Խրուաթիա, որ նախորդ Մոնտիալին հանդիսացած էր աշխարհի փոխախոյեան, 1998-ի Մոնտիալին եւս տիրացած էր պրոնզ մետալին:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Յաջորդը

Հրաժարականի Փաստաթուղթը Ստորագրած Ըլլալուն Մասին Բացայայտելով` «Ուքրանիոյ Տագնապը Համաշխարհային Պատերազմ Է Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Չաւարտի» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?