Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգսեան, պրոնզ մետալի տիրացաւ Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կայծակնային ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Շանթ Սարգսեան առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովեց 17,5 կէտ:
Նոյն արդիւնքը արձանագրեցին նաեւ ախոյեան հանդիսացած չեխ Տաւիտ Նավարա եւ լեհ Մացէյ Քլեքովսքի:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, 16,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 9-րդ դիրքը: