Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Կերըթ Սաութկէյթ պիտի շարունակէ գլխաւորել Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը` մնալով անոր գլխաւոր մարզիչը:
Հակառակ անոր որ վերջին շրջանին շատ կը խօսուէր, որ 52 տարեկան Սաութկէյթ կրնայ հեռանալ իր պաշտօնէն, սակայն ֆետերասիոնը շարունակեց իր վստահութիւնը պահել անոր նկատմամբ, հակառակ անոր որ Անգլիա 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ Ֆրանսայէն, 2-1 արդիւնքով:
Սաութկէյթ, որ 2016-էն ի վեր կը գլխաւորէ Անգլիոյ կազմը, «ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան հանդիսացաւ փոխախոյեան: