Պարսելոնայի 34 տարեկան միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթց, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
15 տարուան ընթացքին ան Սպանիոյ հետ կատարեց 143 մրցում:
Ան առաջին անգամ ըլլալով Սպանիոյ շապիկը կրեց 2009-ին, երբ 20 տարեկան էր:
Սպանիոյ հետ ան 2010-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ ախոյեան, իսկ 2012-ին` Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր: