Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ակադեմիային մաս կազմող ֆութպոլիստ Նարեկ Սիմոնեան ճանչցուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Ֆոր Փլէյըրզ» նախագիծի նոյեմբեր ամսուան «լաւագոյն ուսանող»-ը:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Ֆոր Փլէյըրզ» նախագիծը կը ներկայացնէ ութ բաժինէ բաղկացած մրցանք մը, որուն ընթացքին խաղացողները կ՛ուսումնասիրեն արհեստավարժ ֆութպոլիստի համար կենսական հարցերը` դաշտէն դուրս, եւ արդեօք ինչո՞վ կը զբաղի ֆութպոլիստը արհեստավարժ ասպարէզը լքելէն ետք:
Նարեկ Սիմոնեան ամսուան մը ընթացքին անգլերէնով կատարեց ամբողջ մրցանքը եւ հանդիսացաւ առաջին` շրջանցելով սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ իտալական Նափոլիի իր մրցակիցները:


