«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, արձանագրեց իր 15-րդ յաղթանակը, իր կրած 16 պարտութեան կողքին:
Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին, արձանագրեց 126-110 արդիւնքով յաղթանակ մը, առանց Սթեֆըն Քարիի (վիրաւոր):
Յաղթական կազմէն 43 կէտ նշանակեց 23 տարեկան ամերիկացի Ճորտըն Փուլ:
Ուորիըրզ այժմ կը գրաւէ արեւմտեան շրջանի 11-րդ դիրքը. առաջին տասը դիրքը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Իր կարգին, 43 կէտ նշանակեց Քեւին Տիւրընթ, երբ անոր կազմը` Պրուքլին Նեթց, 124-121 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտէն:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Միլուոքի Պաքս (21 յաղթանակ եւ 8 պարտութիւն), իսկ արեւմտեան շրջանին առաջին դիրքը կը գրաւէ Մեմֆիս Կրիզլիզ (19 յաղթանակ եւ 10 պարտութիւն):