53 տարեկան հասակին նախորդ շաբաթավերջին կեանքէն հեռացաւ Թորինոյի, Ֆիորենթինայի եւ Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչ:
2019-ին անոր մօտ յայտնաբերուած էր արեան քաղցկեղ:
Ան սկսաւ հետեւիլ յատուկ բուժումի, եւ օրէ օր անոր հիւանդութիւնը սկսաւ նահանջել:
2022-ի գարնան սակայն, դժբախտաբար անոր վիճակը դարձեալ վատթարացաւ:
Իբրեւ ֆութպոլիստ ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ա. Էս. Ռոմա եւ Լացիօ Ռոմա:
2006-ին ան սկսաւ մարզիչի ասպարէզին եւ անոր վերջին ակումբը հանդիսացաւ Պոլոնիան, ուրկէ ան հեռացաւ այս տարուան սեպտեմբերի սկիզբը:


