Ռուսահայ մարտիկ Արման Ծառուկեան «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Ֆայթ Նայթ 216»-ի գլխաւոր մենամարտին յաղթեց իր ղազախ մրցակիցին` Տամիր Իսմակուլովին:
Թեթեւ քաշային կարգի այս մենամարտը վերջ գտաւ Ծառուկեանի յաղթանակով, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-27 արդիւնքով:
26 տարեկան Ծառուկեան ցարդ արձանագրած է 19 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, իսկ 31 տարեկան Իսմակուլով` 24 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն:
«ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.» թեթեւ քաշային կարգին մէջ 9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ծառուկեանի (19-3) յաջորդ մրցակիցը կրնայ ըլլալ կամ Չարլզ Օլիվէյրա (33-9) կամ Պենիլ Տարիուս (22-4):