Վաղը` Ֆրանսա–Արժանթին Աւարտականի Ճակատումը.
Այսօր` Խրուաթիա–Մարոք Երրորդ Դիրքի Մրցումը
Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալը, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական հանգրուանի ճակատումը:
Այսօր` շաբաթ, 17 դեկտեմբերին պիտի կատարուի երրորդ դիրքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին նախորդ Մոնտիալին փոխախոյեան հանդիսացած` Խրուաթիա եւ այս Մոնտիալին անակնկալ խումբը` Մարոք:
Այսօրուան մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ «Խալիֆա» մարզադաշտին վրայ: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ քաթարցի Ապտիւլ-Ռահման Ժասեմ:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումին, որ դարձեալ պիտի սկսի նոյն ժամուն, իրարու դէմ պիտի մրցին աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ Արժանթին, «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ:
Աւարտական այս մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ` Սզիմոն Մարսինիաք (Լեհաստան):
Ան այս Մոնտիալին սուլեց երկու մրցում. Ֆրանսա-Դանիա (2-1) եւ Արժանթին-Աւստրալիա (2-1):
Երկու կազմերն ալ ցարդ երկու անգամ տիրացած են աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Հետեւաբար անոնցմէ մէկը վաղը իր մարզաշապիկին վրայ պիտի աւելցնէ յաւելեալ աստղ մը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը որոշեց վաղուան մրցումին դաշտ ներկայանալ այն մարզաշապիկով, որուն հետ 2018-ին հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան, այսինքն` ամբողջութեամբ կապոյտ:
Ինչ կը վերաբերի Արժանթինի, անիկա դաշտ պիտի ներկայանայ իր սովորական` ճերմակ-բաց կապոյտ մարզաշապիկով:
Անգլիական «Ֆայվ Թըրթի Էյթ» վիճակագրական կայքի գերհամակարգիչին համաձայն, այսօրուան մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ Խրուաթիա, իսկ վաղուան մրցումին յաղթականը` Արժանթին:
Յամենայն դէպս, կ՛ակնկալուի, որ բոլորս վաղը ականատես ըլլանք բաւական հետաքրքրական եւ տաք աւարտական մրցումի մը: