Մարզական

Փորթուգալ Եւս Մնաց  Առանց Մարզիչի

Փորթուգալ Եւս Մնաց Առանց Մարզիչի

Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ` Ֆերնանտօ Սանթոս ներկայացուց իր հրաժարականը: Կողմերը այս որոշումին յանգեցան Փորթուգալի` 2022-ի Մոնտիալէն դուրս մնալու արդիւնքին լոյսին տակ: 68 տարեկան մասնագէտին կնքած պայմանագրութիւնը թէեւ ուժի մէջ էր մինչեւ 2024, սակայն փոխադարձ համաձայնութեամբ այդ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ: Ան 2014-էն ի վեր կը գլխաւորէ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը:  

Պայէրն Միւնիխ Կը Փափաքի Իր Կազմին  Միացնել Խրուաթիոյ Ֆութպոլի  Ազգային Խումբի Բերդապահը

Պայէրն Միւնիխ Կը Փափաքի Իր Կազմին Միացնել Խրուաթիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Բերդապահը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Տինամօ Զաղրեպի բերդապահ Տոմինիք Լիվաքովիչով, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը: 27 տարեկան բերդապահը պատրաստ է տեղափոխուիլ միւնիխեան ակումբ, հակառակ անոր որ քիչ հաւանական է, որ ան նկատի առնուի իբրեւ հիմնական բերդապահ: Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 10 միլիոն եւրոյով: 2022-ի Մոնտիալին ան Խրուաթիոյ...

Ազրպէյճանցի Պախշիեւ  Սպաննուեցաւ Գերմանիոյ Մէջ

Ազրպէյճանցի Պախշիեւ Սպաննուեցաւ Գերմանիոյ Մէջ

«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի խառն մենամարտերու ազրպէյճանցի մարտիկ Վուկար Պախշիեւ, Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ սպաննուեցաւ` զինուած յարձակման պատճառով, այս մասին յայտնեց ռուսական «Սփութնիք»-ը: Յանցագործը, որ 40 տարեկան անձ մըն է, կրակած է ատրճանակով եւ ապա ձերբակալուած ոստիկանութեան կողմէ: Յանցագործին անունը կամ սպանութեան պատճառը ցարդ յստակ չէ: Պախշիեւ, որ 37 տարեկան էր, «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի գծով ցարդ կատարած էր 28 մենամարտ եւ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Նըժմէ Եւ Անսար Տուգանքի  Եւ Կախակայումի Ենթարկուեցան

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժմէ Եւ Անսար Տուգանքի Եւ Կախակայումի Ենթարկուեցան

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, մանրամասն քննարկելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կիսատ մնացած, ապա առանց համակիրներու այս շաբաթասկիզբին շարունակուած Անսար-Նըժմէ մրցումին բոլոր հարցերն ու մանրամասնութիւնները, տուաւ հետեւեալ որոշումները. Նըժմէ 25 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, պիտի վճարէ Ճիւնիի քաղաքապետարանի մարզադաշտի թրիպիւններու վնասներուն ծախսերը, որոնց ճշգրիտ գումարը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ: Ասկէ բացի, Նըժմէ իր յաջորդ հինգ մրցումները...

2022-Ի Մոնտիալ-Քաթար.  Մարոքի Հեքիաթը Աւարտեցաւ.  Ֆրանսա Հասաւ Աւարտականին

2022-Ի Մոնտիալ-Քաթար. Մարոքի Հեքիաթը Աւարտեցաւ. Ֆրանսա Հասաւ Աւարտականին

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ մրցաշարքին անակնկալ խումբը` Մարոք: «Պէյթ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ եղաւ աւելի քան 68 հազար հանդիսատես, Ֆրանսա արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երկրորդ Մոնտիալն ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, 55 հազար համակիրները մարոքցիներ էին: Մրցումին...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Գասպարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Գասպարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ շարունակուող աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին, շնորհիւ Սամուէլ Գասպարեանի: Ա. խմբակի 102 քկ դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Գասպարեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 389 քկ արդիւնք մը (174+217) տիրացաւ պրոնզ մետալին: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Քաթարի ներկայացուցիչ Ֆարես Պախ (391 քկ), մինչ արծաթէ մետալին տիրացաւ իրանցի Ռեզա Տեհտար (390 քկ): Նշենք, որ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Երեւանի Շարք Մը  Ֆութպոլիստներ Հեռացան Ակումբէն

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Երեւանի Շարք Մը Ֆութպոլիստներ Հեռացան Ակումբէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շարք մը ֆութպոլիստներ հեռացան ակումբէն: Խումբէն հեռացած մարզիկները հանդիսացան Խուան Պրաւօ, Էտկար Մալաքեան, Ալիկ Առաքելեան, Արտեոմ Փոթափով, Արման Մկրտչեան, Պապու Չամ եւ Թիմուր Փուխով: 2020-2021 տարեշրջանէն առաջ Արարատին միացած Մալաքեան խումբին հետ 59 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ եւ Արարատի հետ դարձաւ Հայաստանի բաժակակիր:  

Ռիչարլիսոն Մէկ Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռիչարլիսոն Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող յառաջապահ Ռիչարլիսոն 2022-ի Մոնտիալին իր ստացած վնասուածքին պատճառով մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Ռիչարլիսոն Թոթենհամ վերադարձաւ նախատեսուածէն շաբաթ մը առաջ, որպէսզի բժշկական յատուկ քննութիւններու ենթարկուի: Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին, 25 տարեկան ֆութպոլիստը չորս մրցումի ընթացքին նշանակեց երեք կոլ:  

Ռոնալտօ Մտադիր Չէ Աւարտել  Իր Միջազգային Ասպարէզը

Ռոնալտօ Մտադիր Չէ Աւարտել Իր Միջազգային Ասպարէզը

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ որոշեց շարունակել իր ելոյթները հաւաքականին հետ, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ ան որոշեց իր մասնակցութիւնը բերել «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ ազգային խումբի մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոսի յարաբերութիւնները վերջին շրջանին այդքան ալ լաւ չէին, եւ անոնց երկուքին միջեւ լարուածութիւն մը գոյութիւն ունէր: Նշենք նաեւ, որ 37 տարեկան Ռոնալտոյի մարզավիճակը այդքան...

Մուրինիօ Շատ Հաւանաբար Գլխաւորէ  Փորթուգալի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Մուրինիօ Շատ Հաւանաբար Գլխաւորէ Փորթուգալի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ շատ հաւանաբար գլխաւորէ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց իտալական անուանի «Լա Կազեթթա տելլօ Սփոր»-ը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Մուրինիոյին կ՛առաջարկէ համատեղ աշխատանք` հաւաքականին եւ ակումբին հետ: Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 2022-ի Մոնտիալին, չկրցաւ շրջանցել քառորդ աւարտականի արգելքը` պարտուելով Մարոքէն:

Փարիզ Սեն Ժերմեն Շաբաթական Մէկ Միլիոն  Եւրօ Աշխատավարձ Պիտի Առաջարկէ Ռեշֆորտին

Փարիզ Սեն Ժերմեն Շաբաթական Մէկ Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձ Պիտի Առաջարկէ Ռեշֆորտին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կ՛ուզէ անվճար իր կազմին միացնել անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտը: Փարիզեան ակումբը պատրաստ է անգլիացի 25 տարեկան յառաջապահին շաբաթական մէկ միլիոն եւրօ աշխատավարձ վճարելու, եթէ ան համաձայն գտնուի իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել մանչեսթըրեան ակումբին հետ եւ անվճար միանալ Սեն Ժերմենի: Ռեշֆորտի պայմանագրութիւնը` Մանչեսթըրի հետ, նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը: Ֆրանսական ակումբին նախագահը` Նասեր...

«Փարիզ-2024».  Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն  Համաձայն` Ռուսիոյ Մասնակցութեան

«Փարիզ-2024». Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն Համաձայն` Ռուսիոյ Մասնակցութեան

Ինչպէս ծանօթ է, 2024-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան ողիմպիական խաղերը: Միացեալ Նահանգներու ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Սիւզաննա Լայընս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ համամիտ է այն գաղափարին, որ Ռուսիոյ մարզիկները մասնակցին անոր: Վերջերս զուիցերիական Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ողիմպիական կոմիտէի համագումարին շատերու կարծիքը այն էր, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պէտք...

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար.  Արժանթին Մեծ Եւ Հաստատ  Քայլերով Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը`  3-0 Արդիւնքով Յաղթելով Խրուաթիոյ

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար. Արժանթին Մեծ Եւ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը` 3-0 Արդիւնքով Յաղթելով Խրուաթիոյ

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուող 2022-ի Մոնտիալին ծիրին մէջ, Արժանթին մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիան: Այսպիսով, աշխարհի կրկնակի ախոյեանը արձանագրեց իր վեցերորդ յաղթանակը` Մոնտիալի կիսաւարտականի մրցումներուն գծով: Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչը նախապէս 1930-ին, 1978-ին, 1986-ին, 1990-ին եւ 2014-ին ապահոված էր աւարտականի իր տոմսը: Երկու առիթով` 1978-ին եւ 1986-ին, անիկա հանդիսացած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 85-76 Արդիւնքով  Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 85-76 Արդիւնքով Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 10-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Աթլասի դէմ, անոր դէմ արձանագրեց 85-76 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (24-15, 24-25, 17-18 եւ 20-18): «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն քաջալերելու եկած էին մեծաթիւ համակիրներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ...

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար.  Այսօր` Ֆրանսա-Մարոք  Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար. Այսօր` Ֆրանսա-Մարոք Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Քաթար-2022-ի Մոնտիալի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին աշխարհի գործող ախոյեան ֆրանսան եւ Ափրիկէի ու արաբական աշխարհի ներկայացուցիչ Մարոքը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պէյթ» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: ՖԻՖԱ-ին կողմէ այս մրցումին գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 38 տարեկան մեքսիքացի Սեզար Արթուրօ Ռամոս, որ իրեն...

Նոա Ակադեմիային Ներկայացուցիչները  Հանդիպեցան Վաղարշապատի Քաղաքապետին Հետ

Նոա Ակադեմիային Ներկայացուցիչները Հանդիպեցան Վաղարշապատի Քաղաքապետին Հետ

Նոա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Նոա ակադեմիային ներկայացուցիչները հանդիպեցան Վաղարշապատի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեանի հետ եւ անոր հետ քննարկեցին ապագայի համագործակցութեան եւ զարգացման հարցերը: Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակադեմիայի թեքնիք տնօրէն Վիչենթէ Պենլոք երախտագիտութիւն յայտնած է քաղաքապետին` համայնքին կողմէ ակադեմիային տրամադրուած մշտական օժանդակութեան համար եւ անոր նուիրած` Վիարէալի ակումբին մարզաշապիկը:

Անչելոթթի` Պրազիլի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Յաջորդ Մարզի՞չը

Անչելոթթի` Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յաջորդ Մարզի՞չը

Ռէալ Մատրիտի այժմու մարզիչ, իտալացի Քարլօ Անչելոթթի կը նկատուի Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն, այս մասին յայտնեց պրազիլական մարզական մամուլը: Պրազիլի մարզիչ Թիթէ ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը դուրս մնաց 2022-ի Մոնտիալէն, պարտուելէ ետք Խրուաթիայէն: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 63 տարեկան Անչելոթթի համաձայն գտնուած է ստանձնելու այս պաշտօնը, մանաւանդ որ անոր պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ,...

Անթոնիօ Լաոսի Համար 2022-ի  Մոնտիալը Աւարտեցաւ

Անթոնիօ Լաոսի Համար 2022-ի Մոնտիալը Աւարտեցաւ

Սպանացի իրաւարար Անթոնիօ Միկել Մաթէօ Լաոսի համար 2022-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ, նկատի ունենալով, որ ՖԻՖԱ-ն յայտնեց, թէ մինչեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտը անոր որեւէ մրցում պիտի չյանձնուի: 45 տարեկան Լաոս, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Նետերլանտներ-Արժանթին քառորդ աւարտականի մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր, 17 անգամ գործածած է իր դեղին քարտը, ինչ որ Մոնտիալի պատմութեան մէջ հակամրցանիշ մըն է: Նախքան վերոնշեալ մրցումը, ան...

Երեք Թեկնածու` Սաութկէյթի  Հեռացման Պարագային

Երեք Թեկնածու` Սաութկէյթի Հեռացման Պարագային

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երեք թեկնածուներ նկատի առնուած են Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնին համար, եթէ այժմու մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ որոշէ ներկայացնել իր հրաժարականը: Անգլիական «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ նկատի առնուած երեք թեկնածուներն են` Թոմաս Թուխել, Մաուրիցիօ Փոքեթինօ եւ Պրենտըն Ռոճըրրս: Սաութկէյթ ցարդ որոշում չէ տուած իր ապագային վերաբերեալ, հակառակ անոր որ մինչեւ 2024-ի ամառը...

Թոթենհամ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Քոնթէին

Թոթենհամ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Քոնթէին

Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ խումբի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին: Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, նախնական բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են երկու կողմերուն միջեւ: Կը նշուի, որ անգլիական ակումբին ղեկավարութիւնը երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ 53 տարեկան իտալացի մասնագէտին: Քոնթէ, որ 2021-էն ի վեր կը գլխաւորէ Թոթեհամը, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ:...

Page 341 of 1280 1 … 340 341 342 … 1,280

Արխիւներ