Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մարիսթ-«Էն.Էս. Էյ.» 21-րդ  Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ-«Էն.Էս. Էյ.» 21-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Մարիսթ-«ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.» մրցումը: Իսկ վաղը` ուրբաթ, 24 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, այս հանգրուանին ծիրին մէջ Անդրանիկ Պէյրութ հիւրը կ՛ըլլայ Լիտըրզին: Դասաւորման պատկերը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը (Անդրանիկ Պէյրութ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Սաժեսի դէմ). ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ....

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Դանիէլեանի, Մկրտչեանի, Գաբոյեանի  Եւ Քոպաքի Յաղթանակները

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Դանիէլեանի, Մկրտչեանի, Գաբոյեանի Եւ Քոպաքի Յաղթանակները

Մոնթենեկրոյի Փեթրովաք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական 23-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի վեց ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Փոլինա Քոպաք: Աննա Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Մարիամ Մկրտչեան` պարտութիւն մը: Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան ապահոված են 2,5-ական կէտ եւ կէսական կէտով ետ կը մնան յառաջատարներէն: Մարիամ Մկրտչեան եւ Քոպաք ունին 2-ական...

«Եւրօ-2024».  Այսօր` Իտալիա-Անգլիա  Հետաքրքրական Ճակատում

«Եւրօ-2024». Այսօր` Իտալիա-Անգլիա Հետաքրքրական Ճակատում

Այսօր` հինգշաբթի, 23 մարտին, մեկնարկը կը տրուի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ին, երբ տեղի կ՛ունենան զտումի ութ ճակատումներ` երեք խմբակներու մէջ: Գ. խմբակին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ զօրաւոր մրցումի մը ընթացքին, Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնայի անուան մարզադաշտին մէջ (Նափոլիի մէջ), ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Իտալիա կը հիւրընկալէ Անգլիան: Այլ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Դանիա-Ֆինլանտա հանդիպումը: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը`...

«ՖԱՖ»-ի Անդամները Օդակայանին Մէջ  Դիմաւորեցին Հայաստանի Ֆութպոլի  Ազգային Հաւաքականի Նորեկները

«ՖԱՖ»-ի Անդամները Օդակայանին Մէջ Դիմաւորեցին Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Նորեկները

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներուն` «ՖԱՖ» շարժումին (Առաջին հայկական ճակատ) անդամները, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկներ` ռուսական Քրասնոտարի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեանը, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանը եւ Պայէրն Միւնիխի երիտասարդական խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսը: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի հաւաքականը, ուքրանացի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորութեամբ, կը պատրաստուի 25 մարտին Երեւանի մէջ Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի...

Էդուարդ Սպերցեանին Յանձնուեցաւ 2022 Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակը

Էդուարդ Սպերցեանին Յանձնուեցաւ 2022 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարած փորձերէն ետք, Էդուարդ Սպերցեանին յանձնուեցաւ Հայաստանի 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: Սպերցեան իր այս մրցանակը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանէն:

Նայիր Տիկնիզեան Հայաստանի Քաղաքացիութիւն  Ստացաւ Եւ Պիտի Մասնակցի  Թուրքիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Նայիր Տիկնիզեան Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացաւ Եւ Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Ռուսական Լոքոմոթիւ Մոսկուայի 23 տարեկան հայազգի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք զտումի մրցումին: Սակայն, Հայաստանի մէկ այլ նորեկ, Պայէրն Միւնիխի երիտասարդական խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս պիտի չմասնակցի վերոնշեալ մրցումին` նկատի...

Տմիթրի Կունքօ Եւ Ուկոչուքվու Իվու  Հայաստանի Անձնագիր Ստացան

Տմիթրի Կունքօ Եւ Ուկոչուքվու Իվու Հայաստանի Անձնագիր Ստացան

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուրարտուի ռուս մարզիչ Տմիթրի Կունքօ եւ երեւանեան ակումբին ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նիկերիացի ֆութպոլիստ Ուկոչուքվու Իվու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացան: Անձնագիրներու եւ վիզաներու վարչութեան կեդրոնական բաժանմունքին մէջ անոնք ստացան իրենց հայկական անձնագիրները:

Էմպափէ Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Խմբապետ

Էմպափէ Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Խմբապետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզչական խմբակը, գլխաւոր մարզիչ Տիտիէ Տեշանի գլխաւորութեամբ, ազգային խումբի խմբապետ նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական անուանի օրաթերթը: Նախկին խմբապետն էր Հիւկօ Լիորիս, որ 2022-ի Մոնտիալէն ետք լքեց իր միջազգային ասպարէզը: Էմպափէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ցարդ կատարած է 66 մրցում եւ նշանակած...

Կալթիէ Պաշտօնանկ Պիտի Չըլլայ

Կալթիէ Պաշտօնանկ Պիտի Չըլլայ

Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը պաշտօնանկ պիտի չընէ իր գլխաւոր մարզիչը` Քրիսթոֆ Կալթիէն, այս մասին յայտնեց «ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ. Սփոր»-ը: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, մայրաքաղաքի կազմը Կալթիէն փոխարինելու թեկնածու չգտնելով, որոշեց ֆրանսացի մասնագէտը ակումբին մէջ պահել մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը: Կալթիէ, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ ամառ, իր կազմին հետ վերջին շրջանին կ՛արձանագրէ անբաւարար արդիւնքներ:  

Չիլիի Մէջ Բերդապահը Կոլ Նշանակեց…  101 Մեթրէն` Արձանագրելով  Համաշխարհային Մրցանիշ

Չիլիի Մէջ Բերդապահը Կոլ Նշանակեց… 101 Մեթրէն` Արձանագրելով Համաշխարհային Մրցանիշ

Քոպրեսալ ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող արժանթինցի բերդապահ Լէանտրօ Ռեքուենա իր բերդին սահմաններէն նշանակեց կոլ մը` Քոլօ-Քոլոյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին ընթացքին: Այս մրցումը աւարտեցաւ Քոպրեսալի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով: Անոր նշանակած այս կոլը, որուն հեռաւորութիւնը եղաւ 101 մեթր, կը նկատուի համաշխարհային մրցանիշ մը: Կ՛ակնկալուի, որ այս կոլը արձանագրուի «Կինես»-ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանի Անգլիոյ ֆութպոլի...

Ռեշֆորտ Պիտի Բացակայի Անգլիոյ Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Կատարելիք Մրցումներէն

Ռեշֆորտ Պիտի Բացակայի Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կատարելիք Մրցումներէն

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Իտալիոյ եւ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Ռեշֆորտ նախորդ շաբաթավերջին Ֆուլհեմի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, վիրաւորուեցաւ: Գ. խմբակին մէջ, Անգլիա վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք պիտի հիւրընկալէ Ուքրանիան: Ընթացիկ տարեշրջանին 25 տարեկան...

Միրոսլաւ Քլոզը Կորսնցուց  Իր Պաշտօնը

Միրոսլաւ Քլոզը Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Աւստրիական Ալթախ ֆութպոլի խումբի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կազմի գլխաւոր մարզիչ Միրոսլաւ Քլոզը պաշտօնանկ եղաւ: Ակումբին նախագահը յայտարարեց, որ բարձրագոյն դասակարգին մէջ մնալու համար ղեկավարութիւնը եկաւ այն եզրակացութեան, որ գերմանացի մասնագէտը պաշտօնանկ ընելը միակ լուծումն էր: 44 տարեկան Քլոզը, որ 2022-ին նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ, անկէ առաջ որեւէ այլ կազմի մարզիչի պաշտօն չէր ստանձնած: Ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ալթախ այժմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Պէյրութ Եւ Ռիատի  Պէյրութ` Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ Եւ Ռիատի Պէյրութ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը, անոր դէմ արձանագրեց 82-73 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Ռիատի Պէյրութ` Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, 108-83 արդիւնքով, Մանարայի մէջ կատարուած մրցումին: 19 յաղթանակ արձանագրած եւ պարտութիւն մը միայն կրած Տինամօ այժմ 39 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ 3 Արծաթ  Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 3 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) աւարտած Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, տիրացաւ 3 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի վերջին մետալին տիրացաւ Սերկէյ Սարգսեան, որ 92 քկ դասակարգի մրցումներուն, 8-5 արդիւնքով յաղթելով իր ազրպէյճանցի մրցակիցին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Անկէ առաջ արծաթ մետալին տիրացած էին Մելժում Մելժումեան (61 քկ),...

Խաչանով Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Մասնակցեցաւ Բարեգործական Մրցումի Մը.  Գումարը Պիտի Յատկացուի Արցախին

Խաչանով Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մասնակցեցաւ Բարեգործական Մրցումի Մը. Գումարը Պիտի Յատկացուի Արցախին

Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 15-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով Լոս Անճելըսի (Միացեալ Նահանգներ) արուարձան Պըրպենքի թենիսի մարզադաշտին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արարատ-Խաչանով» հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած ցուցադրական բարեգործական մրցումի մը: Մրցումէն ետք կազմակերպիչները, որոնք մեծ գովասանքով արտայայտուեցան Խաչանովի մասին, յայտարարեցին, որ հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Արցախին:

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ներկայացուցիչներէն  Երեքին Յաղթական Մեկնարկը

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներէն Երեքին Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին Փեթրովաք քաղաքին մէջ (Մոնթենեկրօ) մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութեան, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի վեց մասնակիցներէն յաղթանակ արձանագրեցին Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Փոլինա Քոպաք: Աննա Սարգսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց, մինչ Էլինա Դանիէլեան-Սուսաննա Գաբոյեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մարիամ Մկրտչեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց ուքրանացի Իրինա...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Վերջին Վայրկեանին Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց Ռէալ Մատրիտի Դէմ` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Վերջին Վայրկեանին Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ռէալ Մատրիտի Դէմ` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԼաԼիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա «Քամփ-Նու»-ի մէջ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտը: 95.745 հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս «Քլասիքօ»-ի մրցումը վերջ գտաւ Պարսելոնայի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մայրաքաղաքի կազմը: Մրցումին 9-րդ վայրկեանին, Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Ռոնալտ Արաուխօ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը: Սակայն Ա. կիսախաղին 45-րդ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Դաշտին Վրայ  Պարտուեցաւ Ռեննէն

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Դաշտին Վրայ Պարտուեցաւ Ռեննէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալեց Ռեննը, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին քամերունցի յառաջապահ Քարլ Թոքօ Էքամպի (45-րդ) եւ ֆրանսացի յառաջապահ Առնօ Քալիմուենտօ (48-րդ): Հիւրընկալ կազմէն ամբողջ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբապետ Քիլիան Էմպափէ եւ Լիոնել Մեսսի: Մայրաքաղաքի կազմին կրած այս պարտութենէն մեծագոյն օգտուողը բնականաբար հանդիսացաւ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Եւ Նահանջեց  Երկրորդ Դիրք` Իր Տեղը Զիջելով  Պորուսիա Տորթմունտին

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Եւ Նահանջեց Երկրորդ Դիրք` Իր Տեղը Զիջելով Պորուսիա Տորթմունտին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պայէր Լեւերքուզընին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Թէեւ հիւր կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, շնորհիւ գերմանացի միջնապահ Ճոշուա Քիմիչի (22-րդ), սակայն հիւրընկալ կազմին արժանթինցի միջնապահ Էզեքուիել Փալասիոս տուպլէ մը իրագործելով (55-րդ` փենալթիով եւ 73-րդ` փենալթիով), իր կազմին ապահովեց առաւելագոյն երեք կէտը: Իր կրած այս...

Իպրահիմովիչ Գերազանցեց  Քոսթաքուրթայի Մրցանիշը

Իպրահիմովիչ Գերազանցեց Քոսթաքուրթայի Մրցանիշը

Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն կոլ նշանակած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը: «Քալչիօ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն Իպրահիմովիչ, որ Ուտինեզէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (3-1) նշանակեց իր կազմին միակ կոլը, գերազանցեց 2007-ին Ա. Սէ. Միլանի նախկին իտալացի յետսապահ Ալեսանտրօ Քոսթաքուրթայի մրցանիշը, որ այդ ժամանակ 41 տարեկան եւ 25 օրական էր:...

Page 309 of 1280 1 … 308 309 310 … 1,280

Արխիւներ