Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 15-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով Լոս Անճելըսի (Միացեալ Նահանգներ) արուարձան Պըրպենքի թենիսի մարզադաշտին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արարատ-Խաչանով» հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած ցուցադրական բարեգործական մրցումի մը:
Մրցումէն ետք կազմակերպիչները, որոնք մեծ գովասանքով արտայայտուեցան Խաչանովի մասին, յայտարարեցին, որ հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Արցախին: