Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը պաշտօնանկ պիտի չընէ իր գլխաւոր մարզիչը` Քրիսթոֆ Կալթիէն, այս մասին յայտնեց «ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ. Սփոր»-ը:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, մայրաքաղաքի կազմը Կալթիէն փոխարինելու թեկնածու չգտնելով, որոշեց ֆրանսացի մասնագէտը ակումբին մէջ պահել մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը:
Կալթիէ, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ ամառ, իր կազմին հետ վերջին շրջանին կ՛արձանագրէ անբաւարար արդիւնքներ: