Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն կոլ նշանակած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը:
«Քալչիօ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն Իպրահիմովիչ, որ Ուտինեզէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (3-1) նշանակեց իր կազմին միակ կոլը, գերազանցեց 2007-ին Ա. Սէ. Միլանի նախկին իտալացի յետսապահ Ալեսանտրօ Քոսթաքուրթայի մրցանիշը, որ այդ ժամանակ 41 տարեկան եւ 25 օրական էր:
Վերոնշեալ մրցումին, Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ 41 տարեկան եւ 166 օրական էր, այսպիսով հանդիսացաւ «Քալչիօ»-ի մրցումներուն կոլ նշանակած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ վնասուածքի պատճառով տարեշրջանին մեծ մասէն բացակայած շուէտացին այսպիսով նշանակեց ախոյեանութեան իր առաջին կոլը: