Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԼաԼիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա «Քամփ-Նու»-ի մէջ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտը:
95.745 հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս «Քլասիքօ»-ի մրցումը վերջ գտաւ Պարսելոնայի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մայրաքաղաքի կազմը:
Մրցումին 9-րդ վայրկեանին, Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Ռոնալտ Արաուխօ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը:
Սակայն Ա. կիսախաղին 45-րդ վայրկեանին, Սերճի Ռոպերթօ նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ), Ֆրանֆ Քեսի, որ դաշտ ներկայացած էր 77-րդ վայրկեանին, նշանակեց Պարսելոնայի յաղթանակի կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 12 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունենալով արքայական ակումբին վրայ:
Պարսելոնա այժմ ունի 68 կէտ, Ռէալ Մատրիտ` 56 կէտ, մինչ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ այս հանգրուանին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Վալենսիային, ունի 51 կէտ: