Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պայէր Լեւերքուզընին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Թէեւ հիւր կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, շնորհիւ գերմանացի միջնապահ Ճոշուա Քիմիչի (22-րդ), սակայն հիւրընկալ կազմին արժանթինցի միջնապահ Էզեքուիել Փալասիոս տուպլէ մը իրագործելով (55-րդ` փենալթիով եւ 73-րդ` փենալթիով), իր կազմին ապահովեց առաւելագոյն երեք կէտը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Պայէրն Միւնիխ նահանջեց երկրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով Պորուսիա Տորթմունտին, որ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քէօլնը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Մարքօ Ռէօս (32-րդ եւ 70-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Տորթմունտ այժմ ունի 53 կէտ, մինչ Պայէրն Միւնիխ ունի 52 կէտ: Իսկ 48-ական կէտ ունին Իւնիոն Պերլին (3-րդ) եւ Ֆրայպուրկ (4-րդ):