Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը, անոր դէմ արձանագրեց 82-73 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Ռիատի Պէյրութ` Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, 108-83 արդիւնքով, Մանարայի մէջ կատարուած մրցումին:
19 յաղթանակ արձանագրած եւ պարտութիւն մը միայն կրած Տինամօ այժմ 39 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ, որոնք ապահոված են 37-ական կէտ (17 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն), կը գրաւեն յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Իսկ մրցում մը նուազ կատարած Սաժես Պէյրութ, որ արձանագրած է 17 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, 36 կէտով կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ վերջին երկու հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, ախոյեանութեան մասնակցող մնացեալ խումբերէն որեւէ մէկը պիտի չյաջողի 5-րդ դիրքէն աւելի վեր բարձրանալ:


