Մոնթենեկրոյի Փեթրովաք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական 23-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի վեց ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Փոլինա Քոպաք:
Աննա Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Մարիամ Մկրտչեան` պարտութիւն մը:
Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան ապահոված են 2,5-ական կէտ եւ կէսական կէտով ետ կը մնան յառաջատարներէն:
Մարիամ Մկրտչեան եւ Քոպաք ունին 2-ական կէտ, մինչ Սարգսեան եւ Գաբոյեան` 1,5-ական կէտ: