«Քալչիօ». Նափոլի 19 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 27-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Ինթեր Միլանը, վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով. անիկա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչի նշանակած կոլին (23-րդ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին: Իր կրած այս պարտութենէն...




















