Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Իտալիոյ եւ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Ռեշֆորտ նախորդ շաբաթավերջին Ֆուլհեմի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, վիրաւորուեցաւ:
Գ. խմբակին մէջ, Անգլիա վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք պիտի հիւրընկալէ Ուքրանիան:
Ընթացիկ տարեշրջանին 25 տարեկան յառաջապահը Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կատարած է 44 մրցում: