Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուրարտուի ռուս մարզիչ Տմիթրի Կունքօ եւ երեւանեան ակումբին ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նիկերիացի ֆութպոլիստ Ուկոչուքվու Իվու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացան:
Անձնագիրներու եւ վիզաներու վարչութեան կեդրոնական բաժանմունքին մէջ անոնք ստացան իրենց հայկական անձնագիրները: