Քոպրեսալ ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող արժանթինցի բերդապահ Լէանտրօ Ռեքուենա իր բերդին սահմաններէն նշանակեց կոլ մը` Քոլօ-Քոլոյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին ընթացքին:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Քոպրեսալի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով:
Անոր նշանակած այս կոլը, որուն հեռաւորութիւնը եղաւ 101 մեթր, կը նկատուի համաշխարհային մրցանիշ մը:
Կ՛ակնկալուի, որ այս կոլը արձանագրուի «Կինես»-ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանի Անգլիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգը ներկայացնող Նիւփորթ ակումբի բերդապահին, որ կոլը նշանակեց 96,1 մեթր հեռաւորութենէն: