Աւստրիական Ալթախ ֆութպոլի խումբի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կազմի գլխաւոր մարզիչ Միրոսլաւ Քլոզը պաշտօնանկ եղաւ:
Ակումբին նախագահը յայտարարեց, որ բարձրագոյն դասակարգին մէջ մնալու համար ղեկավարութիւնը եկաւ այն եզրակացութեան, որ գերմանացի մասնագէտը պաշտօնանկ ընելը միակ լուծումն էր:
44 տարեկան Քլոզը, որ 2022-ին նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ, անկէ առաջ որեւէ այլ կազմի մարզիչի պաշտօն չէր ստանձնած:
Ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ալթախ այժմ 17 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը: