Ռուսական Լոքոմոթիւ Մոսկուայի 23 տարեկան հայազգի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք զտումի մրցումին:
Սակայն, Հայաստանի մէկ այլ նորեկ, Պայէրն Միւնիխի երիտասարդական խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս պիտի չմասնակցի վերոնշեալ մրցումին` նկատի ունենալով, որ անոր փաստաթուղթերը ցարդ պատրաստ չեն:
19 տարեկան ֆութպոլիստը իր նորամուտը պիտի նշէ Կիպրոսի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (28 մարտ):