Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներուն` «ՖԱՖ» շարժումին (Առաջին հայկական ճակատ) անդամները, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկներ` ռուսական Քրասնոտարի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեանը, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանը եւ Պայէրն Միւնիխի երիտասարդական խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսը:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի հաւաքականը, ուքրանացի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորութեամբ, կը պատրաստուի 25 մարտին Երեւանի մէջ Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին:
Անոր գլխաւորութեամբ հայրենի կազմը իր փորձերը կը շարունակէ կատարել` լաւապէս պատրաստուելու համար զտումի այս առաջին մրցումին:
Նշենք, որ հաւաքականին առաջին օրուան բաց փորձերուն ներկայ գտնուեցան նաեւ համակիրներ: