Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Լիթուանիոյ Հետ
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Գագիկ Մելոյեան (77-րդ), մինչ հիւր կազմը իր կոլը նշանակած էր 70-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Պետրոսեան:




















