Օքլենտի մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ովկիանիոյ գօտիի, «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերու տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը:
Արձանագրելով 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Ֆիժիի դէմ, Նոր Զելանտա ապահովեց ողիմպիականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմէն հինգ կոլ նշանակեց Ռէյլի Պիտոյս:
Արձանագրուած այս արդիւնքէն ետք, այժմ տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի 16 մասնակիցներէն 10 խումբերը յստակ են:
Այդ տասը խումբերն են` Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Սպանիա, Տոմինիքեան հանրապետութիւն, Իսրայէլ, Ուքրանիա, Մարոք, Եգիպտոս, Նոր Զելանտա եւ Մալի:


