Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած Ափրիկէի ազգերու բաժակի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումներէն ետք յստակացան այն 24 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին աւարտական մրցումներուն:
Ստորեւ` այդ 24 խումբերը. Ալճերիա, Անկոլա, Պուրքինա Ֆասօ, Կինէա-Պիսաու, Կինէա, Ղանա, Կամպիա, Եգիպտոս, Զամպիա, Թունուզ, Քէյփ Վերտէ, Քամերուն, Քոնկօ, Հարաւային Ափրիկէ, Հասարակածային Կինէա, Փղոսկրեայ Ափունք, Մալի, Մաւրիտանիա, Մարոք, Մոզամպիք, Սենեկալ, Նամիպիա, Նիկերիա եւ Թանզանիա:
Աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 հոկտեմբերին, Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք), իսկ ախոյեանութիւնը 13 յունուարէն 11 փետրուար 2024-ին, Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ: