16-24 սեպտեմբերին Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, որ պիտի ըլլայ վարկանշային` «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիականի խաղերուն համար, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեան, անդրադառնալով այս ախոյեանութեան, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Տղաքը կը գտնուին շատ լաւ մարզավիճակի մէջ:
«Ընտրած ենք 7 ըմբիշ, որովհետեւ այս պահուն անոնք աւելի պատրաստ են աշխարհի ախոյեանութեան:
«Կրնամ վստահեցնել, որ տղաքը իրենց առաւելագոյն չափով պատրաստուած են այս ախոյեանութեան, եւ ամէնէն կարեւորը, որեւէ վիրաւոր մարզիկ չկայ»:
Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին կազմը.
Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Նորիկ Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ), Արման Աւագեան (79 քկ) եւ Սերկէյ Սարգսեան (97 քկ):


