Թեքուանտօ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Արծաթ Եւ Հինգ Պրոնզ Մետալներու
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի ախոյեանութեան, հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան, տիրացաւ մէկ արծաթ եւ հինգ պրոնզ մետալի: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ հսկողութեամբ Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին: Ախոյեանութեան կազմակերպիչներուն կողմէ լիբանանցի Եասմինա Ապու Տահերին տրուեցաւ լաւագոյն պայքարող մարզիկի մրցանակը:




















