Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ճափոն շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, այս անգամ իր զոհը դարձուց Թուրքիան` անոր դէմ արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ֆրանսական Ռեմսի յառաջապահ Քիեթօ Նաքամուրա այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց:
Նշենք, որ իր կատարած նախորդ բարեկամական մրցումին, Ճափոն 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Գերմանիան:
Բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիա, որ Տորթմունտի մէջ հիւրընկալեց աշխարհի ֆութպոլի փոխախոյեան Ֆրանսան, անոր դէմ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Թոմաս Միւլըր եւ Լըրոյ Սանէ, իսկ Ֆրանսայի քիչ մը ուշացած կոլը` Անթուան Կրիզման (89-րդ` փենալթիով):
Նշենք, որ Գերմանիոյ գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուած էր Ռուտի Վէօլըրին:


