Իտալացի Կենարօ Կաթուզօ շատ հաւանական է, որ նշանակուի ֆրանսական Լիոնի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նախանցեալ օր ֆրանսական ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ խումբին գլխաւոր մարզիչ Լորան Պլանը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիոն առաւելագոյն 12 կէտէն ապահոված է միայն կէտ մը:
Կաթուզօ, որ արդէն իսկ համաձայն է ստանձնելու այս պաշտօնը, նախորդ 30 յունուարին հեռացաւ սպանական Վալենսիայէն: