Եւրոպայի 2025-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը, որ Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Մոնթենեկրոն, անկէ կրեց նուազագոյն արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ընդհանուր առմամբ ինք է, որ տիրապետեց մրցումին, սակայն հիւր կազմին մարզիկներէն Թոսքովիչ, մրցումին աւարտէն հինգ վայրկեան առաջ նշանակեց իր կազմին յաղթական կոլը:
Զտումի առաջին մրցումին, Ռումանիայէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:


