Կիրակի, 10 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ Դամասկոսի վարչութեան կազմակերպած փինկ փոնկի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին:
Երկու օրուան վրայ երկարած այս մրցաշարքին, 21 մարզիկներ եղբայրական ոգիով մրցեցան իրարու դէմ` տիտղոսին տիրանալու համար:
Անոր աւարտին Միսաք Թեմիզեան, որ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, իր տիտղոսը ստացաւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի վարչութեան կողմէ:


