15-17 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 45-րդ միջազգային ռելին` կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին եւ հսկողութեամբ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ):
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ այս ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 31 ինքնաշարժներ:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 634,43 քմ:
Մասնակցողներուն կարգին են բնականաբար լիբանանցի Ռոժէ ֆըղալի, որ ռելիներու ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած է 15 անգամ (մրցանիշ մը), ինչպէս նաեւ քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ, որ երկու առիթներով հանդիսացաւ ախոյեան:
Նշուեցաւ, որ ինքնաշարժներու շարժակներուն քննութիւնները` կազմակերպիչ ակումբին կողմէ, տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 15 սեպտեմբերին, Քասլիքի մէջ, յետմիջօրէին: