Մարզական

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութեան  Զտումի Մրցաշարք.  Հայաստան 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

Աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Վրաստանին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց նորեկ ֆութպոլիստ Ժուլիօ Զանոթօ: Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին (Ե. խմբակ) մէջ են նաեւ Փորթուգալ եւ Ֆինլանտա:  

Լեհաստանի Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Վահան Բիչախչեան  Նշանակեց Փոկոնի Առաջին Կոլը

Լեհաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Վահան Բիչախչեան Նշանակեց Փոկոնի Առաջին Կոլը

Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն, որ հիւրընկալեց Քորոնան, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ հիւր կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, 36-րդ վայրկեանին` փենալթիով: Սակայն, Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն (45+6-րդ), Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը: Փոկոնի երկրորդ կոլին (66-րդ) էսիսթը կատարելէ ետք, հայրենի ֆութպոլիստը փոխարինուեցաւ 75-րդ վայրկեանին:...

Նէյմար Իր Նորամուտը Նշեց Սէուտական  Արաբիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

Նէյմար Իր Նորամուտը Նշեց Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ եւ Հիլալի նորեկ Նէյմար նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ, երբ 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն դաշտ ներկայացաւ Ռիատի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-1): Նէյմար, որ դաշտ ներկայացաւ 64-րդ վայրկեանին, կատարեց չորրորդ կոլին էսիսթը, որ կոլի վերածուեցաւ իր ազգակիցին` Մալքոմի կողմէ: Հիւրընկալ կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ սէուտցի յառաջապահ Նասեր Տաուսարի: Նշենք, որ դասաւորման պարագլուխի...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Չյաջողեցաւ  Յաղթել Պայեր Լեւերքուզընին

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Չյաջողեցաւ Յաղթել Պայեր Լեւերքուզընին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 4-րդ հանգրուանի գագաթի մրցումին, Պայերն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պայեր Լեւերքուզընը, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւր կազմը` Լեւերքուզըն պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+4-րդ) արժանթինցի Էզեքուել Փալասիոս նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը` փենալթիով: Մարզիչ Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմին` Պայերն Միւնիխի կոլերը նշանակեցին անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն (7-րդ) եւ գերմանացի միջնապահ Լէոն Կորեցքա...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Պարտութիւնը` Նիսէն

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` Նիսէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց քոթ տ՛ազիւրեան կազմերէն` Նիսը, անկէ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-2 արդիւնքով: Իր կատարած նախորդ մրցումներուն, Նիս արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ 3 հաւասարութիւն, մինչ մայրաքաղաքի կազմը` երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նիկերիացի յառաջապահ Թերեմ Մոֆի...

Փինկ Փոնկ.  Սահակեան-Ֆահըս Զոյգը` Լիբանանի Խառն Զոյգի Ախոյեան

Փինկ Փոնկ. Սահակեան-Ֆահըս Զոյգը` Լիբանանի Խառն Զոյգի Ախոյեան

Լիբանանի փինկ փոնկի խառն զոյգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ)-Ղալեպ Ֆահըս (Ռիատի Ղազիր) զոյգը, հանդիսացաւ խառն զոյգի Լիբանանի ախոյեան, աւարտականի մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միրիամ Հապաշ-Հասան Շըպիպ (Ահլի Սայտա) զոյգը: Երրորդ դիրքը գրաւեցին Մոհամետ Նուր Հապաշ (Ահլի Սայտա)-Լեթիսիա Ազար (Անդրանիկ Պէյրութ) եւ Սաաէտտին Հապաշ (Ահլի Սայտա)-Թալիա Ազար (Անդրանիկ...

Ճատրակ.  Արսէն Դաւթեան` Եւրոպայի 18 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Արսէն Դաւթեան` Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Դաւթեան, հանդիսացաւ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, հայրենի ճատրակ խաղացողը Ա. հանգրուանին պարտութիւն կրելէ ետք, արձանագրեց յաջորդական ութ յաղթանակ եւ ապահովեց 8 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն: Ախոյեանութեան ընթացքին Դաւթեան ամբողջացուց նաեւ միջազգային վարպետի կոչումը. ան երրորդ անգամ ըլլալով կ՛ամբողջացնէր այդ կոչումը:...

Ճատրակ. «Ծաղկաձոր-Օփըն»-ին Կը Մասնակցին  10 Երկիրներէ Ճատրակ Խաղացողներ

Ճատրակ. «Ծաղկաձոր-Օփըն»-ին Կը Մասնակցին 10 Երկիրներէ Ճատրակ Խաղացողներ

19-28 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Ծաղկաձոր-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ կը կազմակերպէ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ա. եւ Բ. խմբակներով, զուիցերիական դրութեամբ, 9 հանգրուանի մրցումներով` ՖԻՏԷ-ին օրէնքներուն համաձայն: Նշուեցաւ, որ անոր շրջանակին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ նաեւ կայծակնային մրցաշարք: Մասնակցող երկիրներուն կարգին են Հնդկաստան, Իրան, Իսլանտա, Ռուսիա, Աւստրիա, Հայաստան եւ ուրիշներ: Անոր ներկայ...

Նշանառութիւն. Աշխարհի  Բաժակի Մրցաշարք.  Էլմիրա Կարապետեան  Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նշանառութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Էլմիրա Կարապետեան Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան հանդիսացաւ ախոյեան: Ատրճանակի մրցաձեւի 10 մեթրի, 60 կրակոց աղջկանց մրցումներուն, ան 579 կէտ ապահովելով եւ գրաւելով երրորդ դիրքը, անցաւ յաջորդ հանգրուան: Աւարտականին, ան ապահովելով 236,6 կէտ եւ բարելաւելով իր դիրքը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Հայաստանը կը ներկայացնէ նաեւ ատրճանակ մրցաձեւին մէջ հանդէս եկող Բենիկ...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Գասպարեան  Գրաւեց 4-րդ Դիրքը,  Իսկ Գարիկ Կարապետեան` 5-րդ Դիրքը

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Գասպարեան Գրաւեց 4-րդ Դիրքը, Իսկ Գարիկ Կարապետեան` 5-րդ Դիրքը

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան 88-րդ ախոյեանութեան, 102 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստան ունէր երկու ներկայացուցիչ` Եւրոպայի գործող ախոյեաններ Սամուէլ Գասպարեանն ու Գարիկ Կարապետեանը: Երկամարտի մրցումներուն, Գասպարեան արձանագրելով 394 քկ արդիւնք մը (178+216), գրաւեց 4-րդ դիրքը, մինչ Կարապետեան հանդիսացաւ 5-րդ, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 393 քկ (183+210) արդիւնք մը: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Չինաստանի ներկայացուցիչ Հուանհուա Լիու, որ երկամարտի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Բարեկամական Մրցում Մը  Պիտի Կատարէ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ: Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 հոկտեմբերին, մրցակիցին դաշտին վրայ: Նշենք, որ հայրենի կազմը «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 12 հոկտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Լիթուանիոյ:  

Նանթի Ֆութպոլիստ  Գոռ Մանուէլեան Միացաւ Նոային

Նանթի Ֆութպոլիստ Գոռ Մանուէլեան Միացաւ Նոային

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Նոայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 21 տարեկան միջնապահ-յառաջապահ դիրքերուն վրայ խաղացող Գոռ Մանուէլեան միացաւ խումբին: Մանուէլեան, որ 2015-էն ի վեր հանդէս կու գայ ֆրանսական Նանթի ակադեմիային հետ, մաս կազմած է նաեւ անոր Բ. խումբին եւ բաւական լաւ արդիւնքներու հասած է Ֆրանսայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով: Ան 2021-ին պայմանագրութիւն մը կնքեց «Լիկ-1»-ը...

ՖԻՖԱ-ն Որոշեց Նկատի Չառնել 2022-ի  Մոնտիալին Արդիւնքները` «Տը Պեսթ»-ի  Մրցանակին Քուէարկութեան Ընթացքին

ՖԻՖԱ-ն Որոշեց Նկատի Չառնել 2022-ի Մոնտիալին Արդիւնքները` «Տը Պեսթ»-ի Մրցանակին Քուէարկութեան Ընթացքին

Քանի մը օր առաջ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց 2022 «Տարուան լաւագոյն Ֆութպոլիստ»` «Տը Պեսթ»-ի մրցանակին 14 թեկնածուներուն ցանկը: Այդ 12 մարզիկներն են. Ժուլիան Ալվարեզ, Ժիւտ Պելինկհեմ, Քարիմ Պենզեմա, Քեւին տը Պրույնը, Էրլինկ Հաալանտ, Աշրաֆ Հաքիմի, Ռոպերթ Լեւանտովսքի, Սատիօ Մանէ, Քիլիան Էմպափէ, Լիոնել Մեսսի, Լուքա Մոտրիչ, Նէյմար, Մոհամետ Սալահ եւ Վինիսիուս Ժունիոր: Կազմակերպութեան կայքը յայտնեց, որ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին նկատի պիտի չառնուին...

Պալոթելլի Իր Պայմանագրութիւնը  Խզեց Զուիցերիական Սիոնի Հետ

Պալոթելլի Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Զուիցերիական Սիոնի Հետ

Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի իր պայմանագրութիւնը խզեց զուիցերիական Սիոնի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: 32 տարեկան Պալոթելլի, որ օգոստոս 2022-ին միացած էր Սիոնի, իր կազմին հետ 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ: Նշենք, որ 2022-2023 տարեշրջանին Սիոն Ա. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Պալոթելլի, որ զուիցերիական կազմին միացած էր թրքական Ատանա Տեմիրսփորէն, շատ հաւանաբար դարձեալ...

«Քալչիօ».  Այսօր` Միլանօ Քաղաքի Տերպիի Մրցումը

«Քալչիօ». Այսօր` Միլանօ Քաղաքի Տերպիի Մրցումը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 16 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Միլանօ քաղաքի տերպին` Ինթեր Միլանի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ճիուզեփփէ Մէացցա» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք այս ճակատումին արդիւնքը պիտի ըլլայ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ...

Պենզեմա Կերտեց  Իթթիհատի Յաղթանակը

Պենզեմա Կերտեց Իթթիհատի Յաղթանակը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Իթթիհատ, որ հիւրը եղաւ Ախտուտին, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա` 72-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, 35 տարեկան Պենզեմա ցարդ վեց մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Իթթիհատ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 15 կէտով:  

Ճատրակ.  Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ նահանգին մէջ տեղի ունեցած Պրազիլի ճատրակի բաց ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 138 բաւական փորձառու եւ անուանի ճատրակ խաղացողներ: Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ, պրազիլահայ անուանի ճատրակ խաղացող Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս արձանագրեց փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ, հանդիսացաւ ախոյեան: Նշենք, որ Մխիթարեան այս ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստան Հինգ Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի 52-րդ Ախոյեանութեան

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան Հինգ Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի 52-րդ Ախոյեանութեան

25 սեպտեմբերէն 9 հոկտեմբերին Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մարմնամարզութեան 52-րդ ախոյեանութիւնը: Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչները, որոնք ուսումնամարզական հաւաք մը կատարեն Վրաստանի Թիֆլիս մայրաքաղաքին մէջ,  պիտի ըլլան Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Իսկ հաւաքականին մարզիչները պիտի ըլլան Յակոբ Սերոբեան, Հայկ Նազարեան եւ Սօս...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Յակոբ Մկրտչեան Եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան Մետալ Չկրցան Շահիլ

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յակոբ Մկրտչեան Եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան Մետալ Չկրցան Շահիլ

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան, 96 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 372 քկ արդիւնք մը (164+208), գրաւեց 6-րդ դիրքը: Իր կարգին, նոյն դասակարգին մէջ մետալ չկրցաւ շահիլ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Դաւիթ Յովհաննիսեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 368 քկ արդիւնք մը (168+200), գրաւեց 9-րդ դիրքը: Այս դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան...

Հայկական Ֆութպոլ.  «Արեւմտեան Հայաստան» Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Հայկական Ֆութպոլ. «Արեւմտեան Հայաստան» Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Արեւմտեան Հայաստան», որ հիւրընկալեց Չարենցաւանի Վանը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով: Տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրելէ բացի, «Արեւմտեան Հայաստան» նաեւ ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին երեք կէտը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ռուս միջնապահ Զախար Թարասենքօ (45-րդ) եւ պրազիլցի յառաջապահ Թէոֆիլօ Էյտիսոն (81-րդ):

Page 255 of 1280 1 … 254 255 256 … 1,280

Արխիւներ