Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Գագիկ Մելոյեան (77-րդ), մինչ հիւր կազմը իր կոլը նշանակած էր 70-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Պետրոսեան: